Հեղինակին Մասին
Գրիգոր Հոթոյեան ծնած է Հալէպ, 5 Օգոստոս 1927ին, արմատներով Սասունցի: Աւարտած է Հալէպի Ազգային Սահակեան վարժարանը, ապա հետեւած է հայագիտական դասընթացքներու: Եղած է գրաշար, խմբագիր, ուսուցիչ ու տնօրէն ազգային ամէնօրեայ, ամառնային ու կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ` Սուրիա ու Գանատա:
Երիտասարդական տարիներէն սկսեալ, բանաստեղծութիւններով (ընդհանրապէս Գրիգոր Վարդգէս գրական անունով), յօդուածներով թղթակցութիւններով աշխատակցած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ օրա-թերթերու, շաբաթաթերթերու, ամսագիրներու ու պարբերաթերթերու:
Իր ազգային, գրական եւ եկեղեցական գործունէութիւններուն համար արժանացած է բազմաթիւ գնահատագիրներու պետական եւ ազգային զանազան հաստատութիւններէ, որոնց շարքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետի “Գիր Օրհնութեան եւ Գնահատաց”ին` 1984ին:
Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետի Թորոնթօ այցելութեան ընթացքին, 1 Հոկտեմբեր 2005ին արժանացած է “Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց” շքանշանին:
14 Յուլիս 2004ին, իր գրական գործունէութեան 60-ամեակին առթիւ, Հայաստանի Գրողներու Միութեան, Մեծ Եղեռնի եւ Հայոց Ազատամարտի “Ուխտատուն” թանգարան-հիմնարկի եւ Միջազգային Ռազմածովագիրներու Միութեան Հայաստանի կազմին կողմէ կազմակերպուած ցերեկոյթին, արժանացած է “Ուխտատուն” թանգարան-հիմնարկի շնորհագիրին եւ Միջազգային Ռազմածովագիրներու ընկերակցութեան անդամակցութեան:
Գրիգոր Հոթոյեանի ծննդեան 80-ամեակին ու “Ճանապարհ” գրքի հրատարակութեան առթիւ, կազմակերպութեամբ Հայաստանի Գրողներու Միութեան, Միջազգային Ռազմածովագիրներու ընկերակցութեան հայկական վարչութեան, Մեծ Եղեռնի եւ Հայոց Ազատամարտի “Ուխտատուն” թանգարան-Հիմնարկի, “Զօրավար Անդրանիկ” Հայոց Համազգային Միութեան ու Աւետիք Իսահակեան քաղաքային գրադարանին, Հինգշաբթի, 23 Օգոստոս 2007-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գրականութեան Ակադեմիայի “Մանուկ Աբեղեան”ի անուան դահլիճին մէջ կատարուած ձեռնարկին, Հոթոյեան գնահատուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահութեան ոսկեայ մետալով ու թիւ 44 փաստատետրով, ինչպէս նաեւ “Զօրավար Անդրանիկ” Հայոց Համազգային Միութեան ոսկեայ մետալով, միութեան ընտրեալ անդամի վաւերատետրով ու Զօրավար Անդրանիկի եւ միութեան յուշանկարներով: